Posted: Wed 10 Jun 2009 - 08:50 Post subject: Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստ
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստ ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 3-5 Յունիս 2009-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ լիագումար նիստ՝ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներու, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերը ներկայացնող առաջնորդներուն ու հոգեւոր հայրերուն կ՛ընկերանային իրենց թեմական իշխանութեանց ներկայացուցիչ անդամները: Ժողովական նիստերու բացումը կատարելով՝ վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ այս ժողովներու կարեւորութեան, փորձառութեանց փոխադարձ փոխանակման եւ մտահոգութեանց միասնաբար լուծման հեռանկարով: Այնուհետեւ ժողովականները լսեցին զեկոյցներ բոլոր թեմերու առաջնորդ սրբազաններէն, թեմի կրօնական, ազգային, մշակութային ու այլ բնագաւառներու գործունէութեան մասին: