|
| Previous topic :: Next topic |
| Author |
Message |
Sireli V.I.P.

 Offline 
Joined: 13 Jul 2008 Posts: 1,556
Point(s): 2,813 Moyenne de points: 1.81
|
Posted: Tue 9 Feb 2010 - 12:26
Post subject: ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ |
|
|
Փետրուար ամսուն Հայ ժողովուրդը Վարդանանց տօնին յաջորդող Կիրակին կը տօնէ Բարեկենդանը։
Բարեկենդանին օտար հոմանիշը հաւանաբար «քարնավալ»ն է։ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի կ՛ունենան մեծ տօնախմբութիւններ այս առթիւ։ Հռչակաւոր են Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքի եւ Ֆրանսայի Նիս քաղաքի եւ Պելճիքայի Պինշ քաղաքի «քարնավալ»ները։ Իսկ հարաւային Ամերիկայի մէջ նշանաւոր է Ռիօ տի Ժաներոյի «Քարնաւալ»ը, որ ամէն տարի հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կը հրապուրէ։
Հայաստանի մէջ Հայաստանի մէջ բարեկենդանը կը հանդիպէր տարուան այն եղանակին երբ ձմրան ցուրտ օրերը հրաժեշտ կու տային, տեղի տալով գարնան անուշ եղանակին։ Այսպես կարծէք բարի օրեր կը դիմաւորէին եւ կը յուսային, որ բնութիւնը գարնան եղանակով վերակենդանանար։ Բարեկենդանը բարդ բառ մըն է որ կազմուած է «բարի» եւ «կենդան» բառերէն։ Ուրեմն բարեկենդանը այն տօնն է, որ կը հեռացնէ չարը՝ դիմաւորելու համար բարին։ Տրուած ըլլալով որ այս տօնը ունի հեթանոսական բնոյթ, ժողովուրդը վախազդու դիմակներով կը փորձէ հեռացնել չար ոգիները։ Հին ժամանակ Հայաստանի մէջ դիմակի գործածութիւնը, սրախաղը, ձիարշաւը, խրախճանքը կը յատկանշէին Բարեկենդանը։ Այդ օրը նաեւ ազատութեան տօն մըն էր, մանաւանդ խօսքի ազատութեան, որովհետեւ բարեկենդանի օրով ժողովուրդը կը համարձակէր ամէն տեսակի կատակներ ընել։ Սպասելով Զատիկին Բարեկենդանի կիրակի գիշերը, ընթրիքէն յետոյ քնանալէ առաջ, մածուն թէ կաթնապուր կ՛ուտէին, իսկ անկողին մտնելէ առաջ խաշած հաւկիթ ուտելով՝ կը մաղթէին, որ Զատկին հաւկիթով կրկին բարով բանան իրենց բերանները։ Բարեկենդանին յաջորդ օրը կը սկսի մեծ պահքը որուն 40 օրերու ընթացքին պէտք չէ մսեղէն ուտել։
|
|
| Back to top |
|
 |
|
|